2012-12-07 11:43:28

Դատուսաքի Փայտէ Եկեղեցին Նշանակուած Է Որպէս Ազգային Պատմական Վայր` Յիսուսեաններու Առաքելական Գործունէութեան Վկայութիւն։


Դատուսաքի փայտէ ս. Խաչ եկեղեցին, որ կը գտնուի Քեպեքի Սան Լորան գետափը, նշանակուած է որպէս ազգային պատմական վայր Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ։
Եկեղեցին կառուցուած է 1747-1750 թուականներուն եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսեաններու առաքելական գործունէութիւնը։
Նշենք որ Դատուսաքի փայտէ եկեղեցին, որ կը կոչուի նաեւ ''տեղացի հնդիկներու մատուռ'' գործն է ճարտարապետ Միշէլ Լավուայի։ Յիսուսեանները իրենց առաքելութիւնը սկսած են տեղացի հնդիկներու մօտ սկսեալ 1642 թուականէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.